2017-01-24 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 Յունուարի թուիթը` ''Բարի Լուր'' հաղորդենք։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 24 Յունուար 2017-ին, Հաղորդակցութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչեսկոս Տէ Սալէսի տօնին եւ 2017 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրուան  պատգամի հրապարակումին առիթներով` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղեց ժամանակակից մարդոց  ներկայացնել պատմուածքներ որոնք յատկանշուած ըլլան ''բարի լուրի'' տրամաբանութեամբ։ Սոյն հրաւէրը պարունակուած է նաեւ Նորին Սրբութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ։

''Ժամանակակից մարդոց ու կիներուն ներկայացնենք պատմուածքներ որոնք յատկանշուած ըլլան ''Բարի Աւետիսի'' տրամաբանութեամբ'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը` երեքշաբթի 24 Յունուարին հրապարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.